Ստորագրեցէք խնդրագիրը. դուք կրնաք օգնել ազատելու Պաքուի հայ պատանդները

Մենք կը պահանջենք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայ գերիներու ազատ արձակումը, եւ այդ նպատակով՝ ձեր աջակցութեան կարիքը ունինք։

Մենք նախաձեռնած ենք այս խնդրագիրը (ուղղուած ԵԱՀԿ-ի -Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն- բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն), որպէսզի օգտագործուին ԵԱՀԿ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող գործիքակազմերը (mechanisms)՝ գնահատելու Ատրպէյճանի օրէնսդրական եւ վարչական ընթացակարգերը՝ ԵԱՀԿ-ի հանդէպ իր յանձնառութիւններուն լոյսին տակ, փաստերուն արձանագրելու, ինչպէս նաեւ համապատասխան առաջարկներ եւ խորհրդատուութիւն կատարելու համար։

Իւրաքանչիւր օրը ճակատագրական է այս գերիներուն բարօրութեան ու կեանքին համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւին վրայ, որպէսզի դադրեցնէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ ազատ արձակէ անօրինական կերպով ձերբակալուած բոլոր գերիները։

Կը խնդրենք, որ ստորագրէք այս խնդրագիրը եւ օգնէք ազատելու Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները։

Defend the Rights of the Armenian Hostages in Baku

Your Excellency,

In light of the escalating repression of the rights and freedoms of political opponents, independent and foreign media, as well as the grave violations of international human rights law and international humanitarian law in Azerbaijan, the OSCE participating States that uphold human rights principles can no longer remain passive.

Numerous United Nations bodies, parliamentary assemblies, and European Parliament resolutions have called for action.

It seems particularly urgent to establish a commission of experts to investigate and report on the concerns identified as severe violations of the OSCE’s human dimension commitments by the Republic of Azerbaijan. Priority should be given to the conditions of arrest, detention, and trial of political opponents and political prisoners in general, as well as to practices targeting prisoners of Armenian origin from the Republic of Nagorno-Karabakh. These practices reflect a policy of hatred and racial discrimination that is incompatible with the idea of peace.

This mission should assess Azerbaijan’s legal and administrative practices, considering its commitments to the OSCE, establish the facts, and issue recommendations.

To this end, we respectfully request Your Excellency’s decisive action through the Permanent Council, the Human Dimension Committee, and the mobilization of OSCE participating States to invoke paragraph 12 of the 1991 Moscow Document of the OSCE Conference on the Human Dimension (“Moscow Mechanism”), as was done in the context of a recent conflict (Ukraine/Russia) or a similar situation in Belarus.

%%your signature%%



Armenian Cause Foundation 12/1 Mher Mkrtchyan Yerevan Armenia 0010
3,487 signatures = 70% of goal
0
5,000

Share this with your friends:

Ստորագրություններու թիւ՝ 3487 / Ստորագրություններու թիրախ՝ 5000

Պաշտպանեցէք Պաքուի Հայ Պատանդներու Իրաւունքները

Ձերդ Գերազանցութիւն,

Քաղաքական ընդդիմախօսներու, անկախ եւ օտար մամուլի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վրայ աճող ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներուն լոյսին տակ, ԵԱՀԿ-ի (OSCE) մասնակից պետութիւնները, որոնք պաշտպան կը կանգնին մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն, այլեւս չեն կրնար ձեռնածալ մնալ։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բազմաթիւ մարմիններ, խորհրդարանական վեհաժողովներ եւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւեր կոչ կ՚ընեն անյապաղ քայլեր առնելու ուղղութեամբ։

Շատ հրատապ է ստեղծել փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որպէսզի ուսումնասիրուին եւ զեկուցուին այն մտահոգութիւնները, որոնք կը գնահատուին իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան (Human Dimension) յանձնառութիւններու կոպիտ խախտումներ՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ։ Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել քաղաքական ընդդիմախօսներու եւ քաղբանտարկեալներու ձերբակալման, կալանքի պայմաններուն եւ դատավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն քայլերուն, որոնք առնուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայազգի բանտարկեալներուն նկատմամբ։ Այս վարքագիծը արտացոլումն է ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան քաղաքականութեան, որ անհամատեղելի է խաղաղութեան գաղափարին հետ։

Այս առաքելութիւնը պէտք է գնահատական տայ Ազրպէյճանի օրէնսդրական եւ վարչական վարքերը՝ հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի նկատմամբ անոր ստանձնած յանձնառութիւնները, հաստատէ փաստերը եւ առաջարկներ ներկայացնէ։

Այս նպատակով, մենք յարգանքով կը դիմենք Ձերդ Գերազանցութեան, որպէսզի վճռական քայլեր առնէք՝ Մշտական Խորհուրդին, Մարդկային Հարթութեան Յանձնախումբին (Human Dimension Committee) եւ ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններուն հետ համագործակցելով, 1991 թուականի Մոսկուայի Փաստաթուղթի 12-րդ կէտը (Մոսկուայի Մեքանիզմը) գործադրելու համար, ինչպէս որ կատարուած է վերջին մէկ հակամարտութեան (Ուքրաինա/Ռուսաստան) կամ Պելառուսի նմանօրինակ պարագային։

Visit the sites maintained by the Armenian Cause Foundation
Այցելեք Հայ Դատ Հիմնադրամի կողմից պահպանվող կայքերը